2012-11-08 13:02:55

Կրօնական Ազատութեան Մասին Դասախօսութիւն `Ժընեւի Ազգերու Պալատին Մէջ։


Տառապող եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմնի կազմակերպութեամբ, 9 նոյեմբերին, կլոր սեղան մը կը կատարուի Ժընեւի Ազգերու պալատին մէջ <<կրօնական ազատութիւն իսլամ հողին վրայ>> նիւթին մասին։ Կլոր սեղանին կը մասնակցին ՄԱԿի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։
Նշենք որ անցեալ երկուշաբթի 5 նոյեմբերին Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետ տիկին Անկելա Մերքէլ խօսք առնելով Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդին առջեւ մատնանշեց որ <<քրիստոնէութիւնը ամենէն աւելի հալածանք կրող կրօնքն է աշխարհի վրայ>>։ Ան ապա հաստատեց որ Գերմանիոյ արտագին գործոց նախարարութեան կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է <<աշխատիլ կրօնական ազատութեան ի խնդիր>> քանի այդ իրաւունքը >>մարդու ամենէն տարրական իրաւունքներէն մին է>>։ Մերքել ցաւով դիտել տուաւ որ '<<կրօնամոլութիւնը, ազատութեան սահմանափակումը եւ հաւատքի հանդէպ արհամարանքը մաս կը կազմեն ներկայ մեր աշխարհին>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.